Հանդիսություն՝ նվիրված Վահան Թեքեյանի ծննդյան 140-ամյակին
2018-10-15
Շաբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց յիշատակին զուգադիպող օրը, Երեւանի «Թէքէեան Կենտրոն»ի մեծ սրահին մէջ պետական շուքով նշուեցաւ արեւմտահայ քերթողութեան գագաթներէն եւ սփիւռքահայ առաջին եւ խոշորագոյն բանաստեղծ, «Բանաստեղծութեան Իշխան» տիտղոսին արժանացած Վահան Թէքէեանի ծննդեան 140-ամեակը:
Պէյրութի մէջ այս տարուան 7 Ապրիլին կազմակերպելէ ու փառաշուք հանդիսութեամբ նշելէ ետք, «Ծաղիկ» գրական ազգային շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը մտայղացաւ մեծ բանաստեղծին յոբելեանը նշել նաեւ Հայաստանի մէջ, խորագիր ընտրելով՝ «Վահան Թէքէեանի վերադարձը նորանկախ Հայաստան»:
Երեւանի մէջ փառաշուք հանդիսութիւնը՝ որ կը վայելէր բարձր հովանաւորութիւնը ՀՀ մշակոյթի նախարարուհի Լիլիթ Մակունցի, վերջինը ներկայացուց ՀՀ մշակոյթի փոխնախարար Վահէ Բուդումեան: Ներկայ գտնուեցան մտաւորականներու, հայրենի անուանի գրողներու եւ պատմաբաններու, արուեստագէտներու ընտրանի մը, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներէ՝ Լոնտոնէն, Քանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Պուլկարիայէն ժամանած ազգային դէմքեր, որոնք ծայրէծայր յորդեցուցին ամբողջ սրահը, ուր հանդիսութենէն առաջ ներկաները կ'ըմբոշխնէին նորոգ հանգուցեալ, հայազգի մեծ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի երգերը՝ մեղմ հնչիւններով:
Հայաստանի եւ Երեւանի օրհներգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց «Ծաղիկ» գրական հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Տիւնեայեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ՀՀ մշակոյթի նախարարին եւ փոխնախարարին ներկայութեան համար, ամփոփ կերպով վեր առաւ Վահան Թէքէեանի գրական-ստեղծագործական ուղին եւ հայերգակ մեծ բանաստեղծին անկշռելի վաստակը, որ աւելի քան կէս դար անխառնօրէն նուիրուեցաւ հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին: Տիւնեայեան իր խօսքը ուղղելով յատկապէս ՀՀ մշակոյթի փոխնախարարին ընդգծեց, որ Թումանեանի, Իսահակեանի, Չարենցի եւ նման հսկաներու շարքին, Վահան Թէքէեանի եւ արեւմըտահայ միւս մեծերու արձաններն ու անոնց վաստակը եւս յաւերժացնող յուշակոթողներ կանգնեցուին Երեւանի ու հանրապետութեան տարբեր հրապարակներու վրայ, արեւմտահայ ու սփիւռքահայ գրականութեան ուսուցումը կրթական բուհերու մէջ ըլլան շեշտուած, պատրաստուին ֆիլմագրութիւններ՝ անոնց կեանքն ու գործերը հայրենի ժողովուրդին մատչելի դարձնելու նպատակով: Իր խօսքին աւարտին, Տիւնեայեան ընթերցեց գրական երեկոյին յղուած՝ պոլսահայ «Մարմարա» օրաթերթի բազմավաստակ խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի «Ողջոյնի եւ Սիրտի Խօսքը», որ արժանացաւ ներկաներու ուշադրութեան ու գնահատանքին:
Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ ՀՀ Մշակոյթի փոխնախարար Վահէ Բուդումեանը, որ շատ խօսուն եւ այժմէական գտնելով իր ներկայացնելիք թեման՝ «Վահան Թէքէեանի վերադարձը նորանկախ Հայաստան», բարձր գնահատեց արեւմտահայ մեծ բանաստեղծին յոբելեանը նշելու «Ծաղիկ»ի մտայըղացումն ու առաջարկները այս առիթով: Փոխնախարարը Թէքէեանի գրական ուղիէն հանգրուաններ ներկայացուց եւ յոյս յայտնեց, որ մեծ բանաստեղծը կ'ունենայ իր արժանի տեղը դասուելու եւ յիշուելու հայ ժողովուրդի ու Հայրենիքի մէջ:
Յաջորդաբար ողջոյնի իր խօսքը արտասանելու հրաւիրուեցաւ Վարդան Ուզունեան՝ Հայաստանի «Թէքէեան Կենտրոն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ եւ Լոնտոնի Թէքէեան Խնամակալ մարմինի պատուաւոր քարտուղար, որ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ծաղիկ»ի խմբագիրին՝ «Թէքէեան Կենտրոն» հիմնադրամին հետ իրականացուցած համագործակցութեան, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեան եւ փոխ-նախարարին միջոցով հանդիսութեան մասնակցութեան համար, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելով յայտագրին մէջ իւրաքանչիւր մասնակիցին, վեր առնելով Վահան Թէքէեանի նման տիտանի մը, հանճարեղ բանաստեղծի մը արժանիքները:
«Ծաղիկ»ի խմբագիրը հրաւիրելէ առաջ Պոլիսէն յատուկ այս առիթով հրաւիրուած Հայ «Ասմունքի իշխանուհի» Սիլվա Կոմիկեանը՝ ներկայացուց վերջինը կենսագրական ամփոփ տողերով: Սիլվա Կոմիկեան ասմունքի կատարողութեամբ երկու բաժինով, աւելի քան կէս ժամ հանդէս եկաւ Թէքէեանի բանաստեղծութիւններու ընտրանիով - «Քու յիշատակդ այս գիշեր», «Աղուորները», «Ես սիրեցի», «Մէկ հատիկս», «Կ'անձրեւէ, տղա՛ս», «Զաւակս», «Լուսաւորչի կանթեղը», «Տաղ հայերէն լեզուին», «Եկեղեցին հայկական», «Հաշուեյարդար», «Հայու հոգին» եւ շատ ուրիշ գոհար ստեղծագործութիւններ – մեսմերացնելով ուկնդիրները, զանոնք փոխադրելով մեծ բանաստեղծին ազգային, համամարդկային, խոհափիլիսոփայական ապրումներով ակաղձուն աշխարհը, խլելով երկարատեւ բուռն ծափահարութիւնները ներկաներուն:
Ասմունքի բաժնի աւարտին, Կոմիկեան հանդիսականներուն փոխանցեց սրտագրաւ պատգամներ՝ գրուած Ամենայն Հայոց Վեհափառ հայրապետ, երջանկայիշատակ Վազգէն Ա.ի (ծննդեան 110-ամեակին առիթով) եւ պոլսահայ «Մարմարա» օրաթերթի բազմաբեղուն խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի կողմէ, որոնք փառաբանած են հայ ժողովուրդի դարաւոր կամքն ու հաւատքը՝ կառչելու հայոց Հայրենիքին, իսկ Հատտէճեանի պատգամը, որ կոչ կ'ընէ հայ գրականութեան եւ բանաստեղծութեան պարտէզը հրաշալի ծաղկեցուցած մեր մեծ գրողներուն ստեղծագործութիւններէն պատառիկներ ամէն Կիրակի յիշատակել նաեւ հայկական եկեղեցիներու մէջ, Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին:
Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ Երեւանի «Թէքէեան Կենտրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեան, որ ընթերցեց գրական երեկոյին յղուած Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանի եւ Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանի տնօրէն Դոկտ. Կարօ Վարդանեանի խօսքերը: Ծուլիկեան Թէքէեանը որակեց հայ բանաստեղծութեան անկրկնելի մեծերէն մին, որ հայ սերունդներուն կտակեց գրական հարուստ ժառանգութիւն եւ թողեց մեծ աւանդ հայ գրական գանձարանին:
Յայտագիրէն դուրս խօսք առնել փափաքեցաւ եւ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան քարտուղար, գրականագէտ Պետրոս Դեմիրճեան, որ Թէքէեան հանճարեղ բանաստեղծին մասին վեր առաւ ուշագրաւ նորութիւններ:
Դարձեալ յայտագիրէն դուրս հրաւիրուեցաւ խօսք արտասանելու, Երեւան գտնուող Քանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ սրբազան Տ. Աբգար եպսկ. Յովակիմեան, որ ներկայացուց Վահան Թէքէեան ազգայինհասարակական նուիրեալ գործիչը, Մեծ գաղափարախօսը, որ հայ սերունդները թրծեց հայրենասիրական անխառն շունչով ու ոգիով:
Հուսկ հրաւիրուեցաւ պատանի-պատանուհիներէ բաղկացած Երեւանի Սպենդիարեանի անուան Երաժշտական մասնագիտական դպրոցի «Ժողովրդական նուագարաններ» համոյթը՝ ղեկավարութեամբ Նունէ Դանիէլեանի: Համոյթը ներկայացուց Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը եւ երաժշտական այլ գեղեցիկ կտորներ՝ հիացումն ու ծափահարութիւնները խլելով ներկաներուն:
Յակոբ Տիւնեայեան
նախորդ էջ